Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Կալիփոլիի հակաքայլով Անգարան պարզ դարձուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու չէզոքացման միտող իր քաղաքականութիւնը: Կալիփոլիի 100-ամեակի նշման պաշտօնական յայտարարութենէն ետք էր միայն, որ պաշտօնական Անգարան յստակ դարձուց, որ պիտի չընդունի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի երեւանեան նշումին ներկայ ըլլալու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրաւէրը:
Մինչ այդ, փաստօրէն Թուրքիոյ նախագահին լռութիւնը հրաւէրին չընդառաջելու հիմնաւորումի բացակայութիւնն էր: Հիմա, Կալիփոլի-Հայոց ցեղասպանութիւն կամ Անգարա-Երեւան նշումներու մրցապայքարի ազդանշանը տրուած է:
Փորձենք ամփոփել, որ այս մրցապայքարին մէջ հայկական կողմը ի՛նչ առաւելութիւններ կրնայ ձեռք ձգել: Անշուշտ, այս մօտեցումը բնաւ չ՛անտեսեր թրքական վարչամեքենային եւ համապատասխան բաժանմունքներու ի գործ դրած հսկայական միջոցներով իրականանալիք չէզոքացման միջոցառումները:
Պետական մակարդակներու վրայ, պէտք է ակնկալել, որ միեւնոյն պետութիւնը ներկայացուցիչներ ուղարկէ թէ՛ Երեւան եւ թէ՛ Անգարա: Այստեղ խնդիրը կը կեդրոնանայ տուեալ պաշտօնատարին զբաղեցուցած պետական հանգամանքի աստիճանաչափին վրայ: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ որքան ալ իրազեկուի տուեալ պետութիւնը, թէ Կալիփոլիին նշումի թուականը շարժական չէ, թէ այս պարագային ապրիլ 24-ի ընտրութիւնը պարզապէս չէզոքացման միտող հակաքայլ է, այնուամենայնիւ հրաւէրներուն ընդառաջելու պետական շարժառիթները զուտ քաղաքական են: Նման պահուածքներու մէջ քաղաքական տուեալ պահու թելադրած հանգամանքները շատ աւելի գերակշիռ են, քան արժէքներու նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերումներու հետեւողականութիւնը:
Հայկական կողմը, քաղաքական տրամաբանութեան այս պարունակին մէջ վստահաբար նկատի կ՛ունենայ Անգարայի հետ առեւտրատնտեսական ոչ նկատառելի յարաբերութիւններ ունեցող պետութիւններու շրջանակները, նախ եւ առաջ: Ցեղասպանութեան եւ նոյնիսկ Արցախի անկախութեան ճանաչման վերջին բանաձեւերը կը յուշեն, որ հարաւային ամերիկեան երկիրները այդ առումով համեմատաբար նպաստաւոր ենթահող ունին: Անկախ գաղափարական բարենպաստ ընդհանուր մթնոլորտէն, այստեղ Անգարան ճնշելու մեծ հնարաւորութիւններ չունի: Հարաւային Ամերիկայի տարբեր երկիրները կրնան ուրեմն առաջնակարգ դէմքերու մակարդակով մասնակցիլ 100-ամեակի երեւանեան նշումներուն:
Հրաւէրներու ընդառաջումներ կրնան արձանագրուիլ նաեւ Անգարա եւ տուեալ պետութիւն լարուած յարաբերութիւններու իրավիճակէն մեկնած: Եգիպտոսը օրինակ մը կրնայ հանդիսանալ այս իմաստով: Քաղաքական յուշարարութեամբ բեմ բարձրացող նման օրինակներու շարքը կարելի է երկարել: Յստակը այն է, որ արժէքի փոխարէն քաղաքական պահուն թելադրած կանոնն է այստեղ գործող քերականական չափորոշիչը:
Անկախ նաեւ հայկական կողմի աշխարհագրական առաւելութենէն` աշխարհատարած կազմակերպ համայնքներու ցանցային կառոյցը եւ աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներուն մէջ 100-ամեակ նշելու ծրագիրները, տեղւոյն պետական-հասարակական կառոյցներու մէջ հայկական գործօնի ներգրաւուածութիւնն ու ազդեցիկութիւնը, այլ կարեւոր հանգամանք եւս գոյութիւն ունի յոբելենական այս մրցապայքարին մէջ, իբրեւ հայկական կողմի առաւելութիւն:
Առաջին հայեացքով նշումնային մրցապայքարը Երեւան-Անգարա է: Կարեւոր ենթամրցապայքար մը կայ, որ խորքային դիտարկումով հետզհետէ կը սկսի երեւիլ աւելի յստակ: Պաշտօնական Անգարա-թրքական հասարակութիւն պայքարին մասին է խօսքը, որուն առանցքը այս պարագային ցեղասպանութիւնն է: Ի հարկէ գերխանդավառուիլը օգտակար չէ այս պարագային: Այնպէս չէ, որ թրքական դաշտը բեւեռացած է այս հարցին շուրջ կամ խոր պառակտումներու կրնայ առաջնորդել: Այսուհանդերձ, ճեղք չնկատելը այս հարցին մէջ իրատեսական պիտի չըլլար:
Գաղտնիք չէ, որ Թուրքիոյ կարեւորագոյն քաղաքներուն մէջ պիտի յիշատակուի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Տարբեր բնոյթի կազմակերպութիւններ կոչեր կը հրապարակեն Կալիփոլիի ձեռնարկներուն չմասնակցելու եւ փոխարէնը Երեւան մեկնելու: Նոյն այդ կազմակերպութիւնները սակայն, անուղղակի կոչ ըրած կ՛ըլլան ոչ թէ միայն Երեւան մեկնելու, այլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ իրենց կազմակերպած ապրիլեան ձեռնարկներուն ներկայ ըլլալու:
Կալիփոլին հետեւաբար, միայն Երեւանին հակաքայլ չէ, այլ միեւնոյն Թուրքիոյ մէջ ապրիլեան նախաձեռնութիւնները ծխածածկելու կը միտի: Կալիփոլին երկու ուղղութեամբ պայքարելու անհրաժեշտութեան առջեւ է այսօր:
Անգարան անվերջ փորձ կը կատարէ իր ապրած ներքին երկուութիւնը տեղափոխելու հայկական դաշտ, Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք տարանջատման քարոզչաքաղաքական խաբկանքներ հրամցնելով: Հռչակագիրը վճռական պատասխան է նման սադրանքի: Հայկական կողմը յստակ առաւելներ ունի այս մրցապայքարին մէջ: